2014-05-09 12:26:34

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում։


Ուրբաթ 9 մայիսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Եւթոպիայի Եւ Էրիթրէայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամ եպիսկոպոսները, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Ան ապա Քոնչիսթորօ սրահին մէջ ընդունեց ՄԱԿԻ համակարգիչ գլխաւոր Տնօրէններու խորհուրդի 70 անդամները գլխաւորութեամբ Մակի ընդհանուր քարտուղար` Պան Քի Մունի։ Հուսկ Քլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Քահանայապետական միսիոնարական Գործունէութիւններու հանդիպումին 200 մասնցիկները, որոնք 5 – 10 մայիս Հռոմի մէջ գուրմարած են իրենց տարեկան ընդհանուր նիստը վերատեսելու վերոյիշեալ կառոյցի սահմանադրութիւնը։ Ժամը 12.15 անց Սրբազան Հայրը ըդունեց Էլ Սալվատորի եպիսկոպոսական համահաւք դասի նախագահ` գերապայածառ Խոսէ Լուիս Էսքոպարը ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։

Մակի պատուիրակութեան անդամներուն ուղղած իր ճառին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, բարի գալուստ մաղթելէ ետք, յայտնեց թէ յատկանշական է որ այս հանդիպումը կայանայ իր նախորդ երկու քահանայապետերու սրբադասումէն մի քանի օրեր ետք որովհետեւ`'' Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Յովհաննէս ԻԳ իրենց եռանդով մեզի կը ներշնչեն ընթանալ` մարդկային էակի ամբողջական զարգացումին եւ ժողովուրդներու միջեւ հասկացողութեան ճանապարհով։
Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ին տածած ջանքերուն ի սպաս` աշխարհի խաղաղութեան, մարդկային արժանաւորութեան, անհատի պաշտպանութեան ու յատկապէս աղքատներուն եւ տկարներուն, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ընկերային կեանքի ներդաշնակ զարգացումին։
Սրբազան Հայրը մատնանշելով ''հազարամեայի զարգացումին կէտնպատակներուն'' խրախուսեց ներկաները յանձնառումով յարատեւել իրականացնելու համար այդ կէտնպատակները, յատկապէս շեշտը դնելով աշխարհի հարստութեան հաւասար բաշխումին վրայ, արմատախիլ ընելու համար աղքատութիւնն ու սովը, ամէն մէկ անհատի արժանավայել աշխատանք ապահովելու եւ ընտանիքին պատշաճ պաշտպանութիւն տալու նպատակով որովհետեւ ''ընտանիքը ընկերութեան եւ տնտեսական զարգացումի հիմնական տարրն է'', հաստատեց Քահանայապետը ու ապա ըսաւ` ''առանց ձայնի յաճախ արհամարուած մարդկութեան հայեացքը պէտք է քաղաքական եւ տնտեսական գործիչներու խղճերը ցնցէ ու կարողանայ առատաձեռն եւ քաջ ընտրութիւններ յառաջացնել որ ձգտին անմիջական արդիւնքներու։ Ան ապա հարց տուաւ ''Արդե՞օք զօրակցութեան եւ բաժնեկցութեան հոգին է որ կ՛առաջնորդէ մեր մտքերն ու մեր գործերը''։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ակնարկեց ապա Յիսուսին Զակքէսոի հետ հանդիպումի մասին, ուր Յիսուս անորմէ կը խնդրէ ամէն ինչ դնել բոլոր մարդոց ծառայութեան ի սպաս ու ապա իր նախորդներուն նման հաստատեց թէ ''տնտեսական եւ ընկերային արդար յառաջընթացքը կարելի է ձեռք բերել միմիայն գիտական եւ թէխնիգական հմտութիւնները միացնելով մշտատեւ զօրակցութեան յանձնառումին, բոլոր մակարդակներու վրայ առատ եւ անշահախնդիր մեծահոգութեան հետ միասին։
Սրբազան Քահանայապետը ճառին աւարտին ներկաները հրաւիրեց միասնաբար նպաստելու համաշխարհային բարոյականութեան իսկական զորաշարժի, հաւատքի կամ քաղաքական համոզումներէն անդին, որուն միջոցաւ տարածուի եւ հաստատուի եղբայրութեան եւ զօրակցութեան միասնական իտէալ մը, յատկապէս աղքատներուն եւ անտեսուածներուն նկատմամբ։
Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը եզրափակեց ներկաներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն վրայ հայցելով Աստուածային օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.